Աշխարհն այսօր խիստ կարիքն ունի լույսի, խավարն է տիրել աշխարհին․ Արամ Ա

Անթիլիասի ուխտի օրվա առթիվ հսկումի արարողություն է կատարվել Մայրավանքում․
«Անթիլիասի Ուխտի Օրուան հսկումի արարողութեամբ հաւատացեալ ժողովուրդը կը լիցքաւորուի թէ՛ մեր երկրորդ լուսաւորիչին մուտն ի Վիրապ յիշատակումի խորհուրդով եւ թէ՛ տօնին հետ առնչուած ու աւանդութիւն դարձած Ուխտի Օրուան վերանորոգութեամբ։ Այս արարողութեան ընթացքին, Վեհափառ Հայրապետը իր հայրական պատգամով կը գօտեպնդէ եկեղեցւոյ զաւակներուն քրիստոնէական հաւատքն ու կամքը։ Առ այդ, Մայրավանքի տօնին համանուն Մայր Տաճարին մէջ, Շաբաթ, 5 Ապրիլ 2025-ի երեկոյեան, հսկումի արարողութիւն տեղի ունեցաւ, մասնակցութեամբ միաբան հայրերու, Դպրեվանքի աշակերտներու եւ հաւատացեալներու։ Արարողութեան աւարտին Նորին Սրբութիւնը ուղղեց իր հայրապետական պատգամը։
Հայրապետը խօսեցաւ սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի առաքլութեամբ մեզի փոխանցուած Քրիստոս-Լոյսին մասին։ Առաջին հերթին Նորին Սուրբ Օծութիւնը գոհութիւն ու փառք տուաւ Աստուծոյ, որ անգամ մը եւս մեզի ընծայեց վերոյիշեալ տօնական առիթները հաւաքականօրէն նշելու Կաթողիկոսարանի Մայր Տաճարի երդիքին տակ եւ այս առիթով յիշեցուց սուրբին պայծառակերպող ներկայութիւնը մեր կեանքին մէջ։ Թադէոս եւ Բարդուղիմէոս առաքեալներուն մշակած արտին որպէս ոռոգիչ ջրդող, Գրիգոր Լուսաւորիչ եկաւ Քրիստոս-Լոյսը տարածելու հայ ազգին կեանքին մէջ։
Շարունակելով իր պատգամը՝ Արամ Ա. Կաթողիկոս յայտնեց, որ այսօրուան աշխարհը խիստ կարիքը ունի այս Լոյսին, որովհետեւ խաւարը կը տիրէ աշխարհի կենցաղակերպին եւ ժողովուրդներու մշակոյթին վրայ։ «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչէն ետք եկած մեր բոլոր հայրապետներուն ու վարդապետներուն առաքելութիւնը դարձաւ միա՛յն ու միա՛յն Քրիստոս-Լոյսին նուիրեալ քարոզիչը ու Անոր սիրոյ տարածիչը ըլլալ», ընդգծեց Վեհափառ Հայրապետը։ Եզրափակելով իր պատգամը՝ ան ըսաւ, որ այսօր սուրբ Լուսաւորիչ իր տառապանքներուն ճամբով, մեզ անգամ մը եւս կը յիշեցնէ հաւատարիմ ու կառչած մնալու Քրիստոս-Լոյսին եւ այդ լոյսով լուսաւորելու մեր եւ մեր շրջապատին կեանքը։
Եկեղեցական արարողութիւնը աւարտեցաւ Տէրունական աղօթքով (Հայր մեր) եւ Հայրապետին Պահպանիչ աղօթքով»։