ՀՅԴ ներկայացուցիչը Լիբանանի վարչապետի հետ քննարկել է Մերձավոր Արևելքում ստեղծված իրավիճակը
ՀՅԴ Լիբանանի Կենտրոնական կոմիտեի ներկայացուցիչ Հակոբ Բագրատունին հանդիպում է ունեցել Լիբանանի վարչապետի պաշտոնակատար Նաջիբ Միքաթիի հետ․
«Տեսակցութեան ընթացքին Յակոբ Բագրատունի արժեւորեց ներկայ դժուարին պայմաններուն մէջ վարչապետ Միքաթիի տարած աշխատանքները թէ՛ ներլիբանանեան եւ թէ՛ միջազգային մակարդակներու վրայ: Ան շեշտեց նաեւ ՄԱԿ-ի թիւ 1701 բանաձեւի գործադրութեան անյետաձգելիութիւնը, ինչպէս նաեւ մարդասիրական աղէտի առաջնորդուող գաղթականական զանգուածային երեւոյթի պարտադրած օժանդակութիւններու Լիբանան առաքման հրամայականը:
Վարչապետ Միքաթի իր հերթին ներկայացուց իր ճիգերը միջազգային ընտանիքին մօտ Լիբանանին զօրակցութիւն ապահովելու առումով եւ Իսրայէլի ոճրային ու ցեղասպանական ոճիրներուն դիմաց անտարբերութեան պատը քանդելու նպատակով Պէյրութի կողմէ տարուող քաղաքականութիւնը:
Հանդիպման աւարտին Յակոբ Բագրատունի յայտնեց. «Լիբանանի վրայ շղթայազերծուած պատերազմին, միջազգային ընտանիքի լռութեան, համաշխարհային անտարբերութեան եւ Իսրայէլի կողմէ իրերայաջորդ ու մագլցում արձանագրող ոճիրներուն լոյսին տակ, մեր առաջնահերթութիւնը միշտ երկիրն ու ժողովուրդն են` ներկայ փուլին մէկդի ձգելով տարբեր կարծիքները կամ տարակարծութիւնները, եւ այն, թէ ինչպէ՛ս կրնանք ձեռք ձեռքի տալ` մեղմացնելու համար տառապանքը, եւ հասնիլ երկրի մը, հայրենիքի մը, որ արժանապատուութեամբ ու հպարտութեամբ կ՛ապրի:
«Մեկնելով ասկէ, վարչապետի պաշտօնակատարին հետ հանդիպումը խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ Լիբանանին հոգալու եւ թիւ 1701 որոշումի գործադրութենէն ու հանրապետութեան նախագահի ընտրութենէն սկսող լուծումներ գտնելու անոր ջանքերը գնահատելու համար էր:
«Վարչապետի պաշտօնակատարը շարունակ Լիբանանէն ներս թէ դուրս կը գործէ, սակայն անոր դիմաց արտասահմանէն որեւէ հետաքրքրութիւն չենք տեսներ: Բայց եւ այնպէս, կը յուսանք, որ վարչապետի պաշտօնակատարի ջանքերը ներկայ փապուղիին մէջ որոշ լոյսի մը կը հասնին:
«Երէկ գումարուած հոգեւոր վեհաժողովէն ետք, պէտք է բոլորս մեր խիղճը քննենք, վերատեսութեան ենթարկենք մեր հաշիւները, մտածենք Լիբանանի ապագային մասին եւ բոլորս զինադադար, բանակի տեղակայում ու հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւն պահանջենք», աւելցուց Բագրատունի»: