Անթիլիասի Մայրավանքում նշել են Արամ Ա կաթողիկոսի ծննդյան օրը․ Վեհափառը աղոթք է բարձրացրել առ Աստված
Անթիլիասի Մայրավանքում նշել են Արամ Ա Վեհափառ Հայրապետի ծննդյան օրը, հայտնում են Մեծի Տանն Կիլիկիո Կաթողիկոսությունից․
«Արդարեւ, Ուրբաթ, 8 Մարտ 2024-ի առաւօտուն, վանաբնակ միաբան հայրերն ու Կաթողիկոսարանի զանազան կառոյցներու պաշտօնէութիւնը Անթիլիասի Մայրավանքին մէջ նշեցին ազգիս Հովուապետին ծննդեան տարեդարձը։ Սիրոյ, յարգանքի, առողջութեան, արեւշատութեան ու բեղուն ծառայութեան բարեմաղթութիւններով լեցուն խօսքեր արտասանուեցան Միաբանութեան ու պաշտօնէութեան կողմէ։
Օրհնութեան խօսք ուղղեց նաեւ Վեհափառ Հայրապետը։ Իր հայրական օրհնութիւնը տալէ ետք ներկաներուն՝ ան շնորհակալութիւն յայտնենց բոլորին, որոնք ազնիւ գտնուած են յիշելու եւ նշելու իր ծննդեան տարեդարձը։ Այս առիթով ան ընդգծեց ամեակներուն կարեւորութիւնը՝ ըսելով, թէ անոնք առիթ են անցեալին նայելու, համապատասխան կերպով ներկան ապրելու եւ հեռատեսութեամբ ու տեսլականով ապագան ծրագրելու։
Աւարտին, Նորին Սրբութիւնը «Պահպանիչ» աղօթքով օրհնեց ներկաները, եւ բոլորը միասնաբար երգեցին «Կիլիկիա» օրհներգը եւ Հայրապետական մաղթանքը»։