Արցախի կողքին զորակցական հավաք Աթենքում․ ՀՅԴ
Հունաստանում Արցախի շուրջ ստեղծված իրավիճակի, Հայաստանի կառավարության կողմից Լեռնային Ղարաբաղն Ադրբեջանի մաս ճանաչելու մասին հայտարարությունների առթիվ ՀՅԴ-ն հավաք է իրականացրել։ Այս մասին քաղաքական ուժը հաղորդագրություն է տարածել։
«Արցախի 44-օրեայ պատերազմէն ետք Արցախի ժողովուրդին վրայ սպառնացող ատրպէյճանական յարձակողական քաղաքականութեան լոյսին տակ, հայ-ատրպէյճանական բանակցութիւններու շրջագիծէն ներս Արցախի ինքնորոշման իրաւունքը կասկածի տակ դնող զարգացումներու կապակցութեամբ, ինչպէս նաեւ Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ՝ Արցախը ներառնելու Ատրպէյճանի «հողային ամբողջականութեան» մէջ կատարուած յայտարարութիւններուն առնչութեամբ՝ Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ դատի յանձնախումբը կազմակերպեց ժողովրդային զօրակցութեան հաւաք ի նպաստ Արցախի, որ տեղի ունեցաւ երէկ՝ Չորեքշաբթի, 7 Յունիս 2023-ի երեկոյեան։ Հաւաքին ժամադրավայրն էր Աթէնքի մէջ Հ.Հ. դեսպանատան շէնքը։ Վայրի ընտրութիւնը ունէր յատուկ իմաստ, նկատի առնելով, թէ հաւաքի նպատակն էր բարձրաձայնելու ժողովուրդի պահանջը, որպէսզի Հայաստանի Հանրապետութիւնը շարունակէ տէր ու պաշտպան կանգնիլ արցախահայութեան անվիճելի իրաւունքներուն եւ անոր ազատ ու անկաշկանդ ապրելու ձգտումին։
Հաւաքին ներկայ եղան մեծ թիւով հայրենակիցներ, ինչպէս նաեւ միութենական կառոյցներու ներկայացուցիչները։ Մանաւանդ, զգալի էր հայ երիտասարդութեան ներկայութիւնը, որոնք ժողովուրդին հետ միասին իրենց ձեռքերուն վրայ պարզած էին Հայաստանի եւ Արցախի դրօշները, ինչպէս նաեւ բարձրացուցած էին պաստառներ, որոնց վրայ արձանագրուած էր «Ես Արցախին հետն եմ», «Ազատագրեցէք Արցախը» եւ այլ գրութիւններ»,- ի թվիս այլնի՝ ասված է հայտարարության մեջ։