Տէրը Հայաստանը դարձնէ տուն՝ հիմնուած Աստուածային Իմաստութեան ժայռի վրայ. Հայաստանի խաղաղութեան նուիրուած սուրբ պատարագ
«Հայ ժողովուրդը լաւապէս կը ճանչնայ Խաչը, ան զայն կը կրէ իր սրտին մէջ: Անիկա ինքնութեան, պատմութեան ողբերգութիւններու և իւրաքանչիւր ան բարենպաստ դէպքերէն յետոյ ապաքինման փառքի խորհրդանիշն է» (Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի ուղերձը Հայ Կաթողիկէ պատրիարքարանի անդամներուն, 14 սեպտեմբեր 2000 թ.):
Vaticannews-ը տեղեկացնում է` երեքշաբթի 25 հոկտեմբերի կէսօրէն ետք ժամը 3,30-ին, Հռոմի Տիրամօր նուիրուած Սանթա Մարիա Մաճճորէ պազիլիքայի Սալուս Փոփուլի Ռոմանի հրաշագործ սրբապատկերի մատրան մէջ, տեղի ունեցաւ Հայաստանի Խաղաղութեան նուիրուած սուրբ պատարագը, զոր մատոյց Վատիկանի Պետական Քարտուղար Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլինը ի ներկայութեան Ամենապատիւ և Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ կաթողիկոս պատրիարքին, ՀՀ Սրտագին Գործերու նախարար` Արարատ Միրզոյեանին, Սուրբ Աթոռի մօտ հաւատարմագրուած դիւանագիտական մարմնի անդամներուն, եկեղեցական բարձրաստիճան անձնաւորութիւններու, քաղաքական ներկայացուցիչներու ու հայ և օտար ազգի պատկան հաւատացեալներու։
Երեսուն ամեայ դիւանագիտական կապեր
Ներկայ էին անշուշտ Սուրբ Աթոռի մօտ Հ.Հ. դեսպանը Տիար Կարեն Նազարեան, որուն նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած էր պատարագը և Իտալիոյ մօտ Հ.Հ. դեսպան` Ծովինար Համբարձումեանը և երկու դեսպանատուներու անձնակազմը։
Պատարագը մատուցուեցաւ Հայաստանի խաղաղութեան համար Սուրբ Աթոռի և Հայաստանի հանրապետութեան միջև դիւանագիտական կապերու հաստատման երեսուն ամեակի նշումի շրջագիծէն ներս։
Սրբազան արարողութիւնը կատարուեցաւ անգլերէն լեզուով, որուն ընթացքին սակայն լսելի եղան նաև հայկական մեղեդիներ ու շարականներ, կատարողութեամբ Լևոնեան Քահանայապետկան հայ Կաթողիկէ Վարժարանի սաներուն, սկսեալ Հրաշափառէն որով բացումը կատարուեցաւ արարողութեան։
Հայաստանի խաղաղութեան նուիրուած սուրբ պատարագ
Հայաստանի խաղաղութեան նուիրուած սուրբ պատարագ
Արարողութեան համար պատրաստուած գրքոյկը
Բոլոր ներկաները կարողացան արարողութեան հետևիլ այս առթիւ պատրաստուած երկլեզու (անգլերէն - Հայրէն) գրքոյկի միջոցաւ, որուն մէջ բացի աղօթքներէն տեղադրուած էին նաև, Հայաստանի ու տիեզերական կաթողիկէ եկեղեցին իրար կապող որոշ խորհրդանշական պատկերներ` ինչպէս Գրիգոր Նարեկացիին պատկերը, որ Տիեզերական Եկեղեցւոյ Վարդապետ հռչակուեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին կողմէ, կամ Սուրբ Պետրոս Պազիլիքային աջ կողմի գաւիթին մէջ զետեղուած Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի հսկայական արձանը, հուսկ երկկողմ յարաբերութիւններու մասին որոշ տեղեկութիւններ, 1992էն մինչև օրս միջ-պետական մակարդակի վրայ փոխանակուած այցելութիւնները և անցեալ 23 մայիս 2022ին Հայաստանի արտգործ նախարար Տիար Արարատ Միրզոյեանի և Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու և Միջազգային կազմակերպութիւններու հետ յարաբերութիւններու Քարտուղար` Գերապայծառ Փոլ Ռիչըրտ Կալլալկէրի միջև փոխանակուած նամակներու պարունակութիւնը` երեսուն տարուայ դիւանագիտական փոխյարաբերութիւններու կապակցութեամբ։
Աղօթքներ
Սուրբ Զոհի ընթացքին առ Աստուած բարձրացած աղօթքներու շարքին հաւատացեալները աղօթեցին «բարեկամութեան և համագոյակցութեան պարգևին համար։
«Մինչ մենք կը նշենք Սուրբ Աթոռի և Հայաստանի Հանրապետութեան միջև յարաբերութիւններու երեսուն տարիները, թող` որ Աստուած օրհնէ երկու պետութիւններու առաքելութիւնը, որպէսզի անոնք շարունակեն աշխարհին տանիլ խաղաղութիւն և բարութիւն»:
«Յաւերժական Աստուած, մենք կ՜աղօթենք, որ քաջութիւնն ունենանք աշխատելու իւրաքանչիւր մարդու իրաւունքներուն համար: Թող որ մենք միասին աշխատինք՝ կառուցելու արդար աշխարհ մը, ուր կը յարգուին Աստուծոյ կողմէ բոլորին շնորհուած իրաւունքները»:
Ամէն բարիքներուն Աստուածը, դուն աղբիւրն ես ամէն բարի բաներուն։ Այս աշխարհի բռնութիւններուն և ողբերգութիւններուն դիմաց, աղօթենք Հայաստանի և համայն աշխարհի մէջ խաղաղութեան համար։ Մեր կառավարիչներուն և մեզի պարգևէ համբերութիւն` հասկացող ըլլալու համար, ուժ՝ ներելու համար և շնորհք՝ ընդունելու մեր սխալները:
Բոլոր ընտանիքներուն համար, որոնք զոհ են պատերազմի ողբերգութիւններուն, բոլոր մայրերուն համար, որոնք կորսնցուցին իրենց ամուսիններն ու զաւակները, և առաջնագիծի վրայ զինուորներուն համար, թող Աստուած բոլորին շնորհէ յոյս, հաւատք և սէր, որպէսզի գտնեն խաղաղութիւն և ուժ։
Ասոնք եղան արտասանուած աղօթքներէն ոմանք։
Հայաստանի խաղաղութեան նուիրուած սուրբ պատարագ
Հայաստանի խաղաղութեան նուիրուած սուրբ պատարագ
Կարդինալ Փարոլինի քարոզը
Սուրբ Զոհի ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Կարդինալ Փարոլինը նախ նշեց թէ «Այսօրեայ Սուրբ Պատարագի ժամանակ Յաւիտենական Իմաստութեան Աստուծոյն կը վստահինք Հայ ազգը, որ կը նշէ Սուրբ Աթոռի հետ իր դիւանագիտական յարաբերութիւններու 30-ամեակը» ապա յայտնելով, որ «Սուրբ Պատարագը ամենակատարեալ գոհաբանութիւնն է» առիթէն օգտուելով Ան շնորհակալութիւն ուզեց յայտնել Սուրբ Աթոռի մօտ Հայաստանի դեսպանութեան` միասնաբար աղօթելու այս նախաձեռնութեան համար»։
Երկար պատմութիւն ունեցաող բարեկամական յարաբերութիւններ
«Իմ ամենաջերմ ողջոյնները կը յղեմ բոլոր ներկաներուն՝ հաստատելով Սուրբ Աթոռի խորին աջակցութիւնն ու խորին համակրանքը Հայաստանի հանդէպ» ըսաւ ապա Կարդինալ Փարոլինը հաւաստիացնելով Սուրբ Աթոռի գնահատանքը Հայաստանի հետ երկկողմ դրական յարաբերութիւններուն համար, որոնք բնութագրուած են ջերմութեամբ և յարգանքով, և որոնք իրենց պերճախօս արտայայտութիւնը կը գտնեն, բարձր մակարդակի այցելութիւններու փոխանակումով և տարբեր այլ նախաձեռնութիւններուն մէջ»։
«Մեր բարեկամական յարաբերութիւնները երկար պատմութիւն ունին» հաստատեց ապա Ծիրանաւորը դիտել տալով, որ անոնք գոյութիւն ունէին նոյնիսկ, 1992 թուականի մայիսին պաշտօնականացումէն առաջ։
Երևանի մէջ Սուրբ Աթոռի նոր դեսպանատունը
Ան ապա յիշեց անցեալ տարի Երևանի մէջ բացուած Առաքելական Նուիրակութիւնր, զայն համարելով կարևոր նշան` Սուրբ Աթոռի և Հայաստանի միջև շարունակաբար զարգացած բարեկամական յարաբերութիւններուն։
Հայաստանի խաղաղութեան նուիրուած սուրբ պատարագ
Հայաստանի խաղաղութեան նուիրուած սուրբ պատարագ
Եկեղեցական ջերմ յարաբերութիւնները
Սուրբ Աթոռի Պետական քարտուղարը խօսեցաւ ապա Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ և առաքելական եկեղեցւոյ միջև գոյութիւն ունեցող յարգալից երկխօսութեան, ակնարկելով Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի և Ֆրանչիսկոս Պապին միջև տեղի ունեցած հանդիպումներուն ինչպէս նաև Քահանայապետին Ռաֆայէլ Պետրոս 21-րդ Մինասեան՝ Տանն Կիլիկիոյ Հայոց պատրիարքին շնորհած եկեղեցական հաղորդութեան։
Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին
«Այսօրեայ մեր աղօթքին մէջ մեզ կ՜առաջնորդէ Հայ Եկեղեցւոյ մեծ սուրբը՝ Սուրբ Գրիգոր Նարեկացին, որուն յիշատակը ներառուած է Հռոմէական Ընդհանուր Օրացոյցին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապին կողմէ» ըսաւ ապա Կարդինալ Փարոլինը մատնանշելով, որ սուրբ պատարագը ու աղօթքները նուիրուած են «յատկապէս Հայաստանի խաղաղութեան համար, ու նաև Ուկրանիաոյ և համայն աշխարհի մէջ խաղաղութեան համար»։
Նորոգել խաղաղութեան գործիքներ ըլլալու յանձնառումը
«Մենք բոլորս կոչուած ենք նորոգելու խաղաղութեան գործիքներ ըլլալու մեր ամենօրեայ յանձնառութիւնը» ըսաւ ապա Ծիրանաւորը ակնարկելով Ֆրանչիսկոս Պապին 2016 թուականին Հայաստան կատարած այցելութեան ու այդ այցելութեան ընթացքին Երևանի մէջ կատարուած խաղաղութեան համամիութենական աղօթքին ու անոր այդ առթիւ արտասանած խօսքերուն։
Ֆաթիմայի Տիրամօր ուխտագնացութիւնը
ետական Քարտուղարը յիշեց նաև թէ Մատուրը ուր կը մատուցուի պատարագը նուիրուած է «Խաղաղութեան Թագուհիին», որ մեծարուած է Սալուս Փոփուլի Ռոմանի սրբապատկերին մէջ, և աւելցուց, թէ «Մինչ ինք կը խօսի, տեղի կ՛ունենայ Ֆաթիմայի Տիրամօր պատկառելի պատկերի դէպի Կովկաս աննախադէպ ուխտագնացութիւնը, որը յոյսի աղբիւր է` տարածաշրջանին համար խաղաղութեան քամիներ խթանելու:
Վսեմաշուք կարդինալը ընդգծեց ապա թէ «յարաբերութիւնները ուրիշներուն հետ, նոյնիսկ դժուար ու ցաւոտ, պէտք է մշակուին այնպէս, որ նպաստաւոր ըլլան խաղաղութեան և, հետևաբար, ներումին՝ հիմնուած Աստուծոյ իմաստութեան վրայ» և ասկէ մեկնելով մեկնաբանեց օրուան աւետարանական հատուածը, որ կը խօսի երկու մարդոց մասին` «մէկը իմաստուն, միւսը՝ յիմար, որոնք կը ծրագրեն կառուցել իրենց տները»։
Հայաստանի խաղաղութեան նուիրուած սուրբ պատարագ
Հայաստանի խաղաղութեան նուիրուած սուրբ պատարագ
Իմաստուն ըլլալ կը նշանակէ լսել և կիրառել Աստուծոյ խօսքը
Անոնցմէ մին ընտրեց կայուն հողը, որ ամուր հիմք կը ստեղծէ շինարարութեան համար. Միւսը կ՛ ընտրէ աւազոտ հող՝ թոյլ, անկայուն պայմաններով։ Երկու տուները նոյն տեսքը ունին։ Բայց երբ անոնք կը փորձուին իրականութենէն, ժամանակի ու կեանքի անկանխատեսելի իրադարձութիւններէն, ոտքի կը մնայ միայն մէկ տունը` ամուր քարի վրայ կառուցուածը»:
«Իմաստութիւնը, ամենէ թանկ բանն է, որ մենք կարող ենք ունենալ» ըսաւ հուսկ Կարդինալը դիտել տալով, որ «իմաստուն ըլլալ կը նշանակէ լսել Աստուծոյ խօսքը և զայն կիրառել»:
Հայաստանն իր ինքնութեամբ հիմնուած է քարէ ամուր հիմքի վրայ՝ Խաչքարի վրայ
«Հայաստանն իր ինքնութեամբ նոյնպէս հիմնուած է քարէ ամուր հիմքի վրայ՝ Խաչքարի վրայ» շարունակեց Ծիրանաւորը ակնարկելով Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի խօսքերուն որով Ան Հայերը անուանած է «խաչի ժողովուրդ», քանի որ խաչի մէջ է, որ հայ ժողովուրդն ինքզինք կը ճանչնայ։
“«Հայ ժողովուրդը լաւապէս կը ճանչնայ Խաչը, ան զայն կը կրէ իր սրտին մէջ: Անիկա ինքնութեան, պատմութեան ողբերգութիւններու և իւրաքանչիւր անբարենպաստ դէպքերէն յետոյ ապաքինման փառքի խորհրդանիշն է» (Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ-ի ուղերձը Հայ Կաթողիկէ պատրիարքարանի անդամներուն, 14 սեպտեմբեր 2000 թ.):”
«Ուստի զարմանալի չէ, որ հայերը խոր հաւատքի ժողովուրդ են» յարեց հուսկ Կարդինալ Փարոլինը նկատել տալով, որ «դարերու ընթացքին քրիստոնէական հաւատքը սատարեց այս մեծ ժողովրդին, յատկապէս անոր պատմութեան դժուարին ժամանակներու ընթացքին»։
Աստուածաշնչական երկիր Հայաստանը
Կարդինալ Փարոլինը հուսկ նշեց, թէ «չենք կարող մոռանալ, որ, ըստ աստուածաշնչական աւանդութեան, Հայաստանը այն երկիրն է, ուր Ջրհեղեղէն յետոյ ծնաւ առաջին քաղաքակրթութիւնը, և որտեղ աւանդոյթը կը յիշեցնէ աստուածաշնչեան Եդեմի պարտէզը»։
Ան ապա քարոզը աւարտեց աղօթքով` խնդրելով, որ «Տէրը Հայաստանը դարձնէ տուն՝ հիմնուած Աստուածային Իմաստութեան ժայռի վրայ»։
«Թող ձեր վեհ ազգը վայելէ ձեր ուզած խաղաղութիւնը, և թող անիկայ շարունակէ օգուտ քաղել ձեր մարդկային, մշակութային և հոգևոր հարստութիւններէն, որպէսզի Ազգերու Ընտանիքը բաժնեկից ըլլայ անոնցմէ իւրաքանչիւրին» ըսաւ ապա Կարդինալ Փիերթրօ Փարլինը, որ ապա հայցեց Հայաստանի սուրբ հովանաւորներուն և յատկապէս Սուրբ Գրիգոր Նարեկացիին բարեխօսութիւնը ու մաղթեց որ «Տէրը առատ շնորհներ պարգևէ հայ ժողովրդին»։