Հրանտ Դինքը կասեր այսպես
Առաւօտեան պայծառ արեւալոյսին, հայեացքիս դիմաց՝ Միջերկրական ծովուն հորիզոնէն անդին, հազիւհազ կ'ուրուագծուի ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԼԵՌՆԱՇՂԹԱՆ՝ եթերային, կապտամանիշակագոյն: Դարեր շարունակ, Հայոց պատմութիւնը կերտուեր է այնտեղ, մշակոյթ է ստեղծուեր՝ հայաշունչ ճարտարապետութեամբ, ձեռագիր մատեաններով ծաղկեալ...Հայ թագաւորութիւն ենք ունեցեր որ այնքա՛ն ճկուն դիւանագիտութեամբ՝ հայանպաստ յարաբերութիւններ է ձեռքբերեր հարեւան երկիրներու հետ, միջազգային հեղինակութիւն ու վարկ....ՀԱՅԿԱԿԱՆ ԿԻԼԻԿԵԱՆ՝ ՀՐԱՇՔ-ԷՋ ՄԸ բազմադարեան մեր պատմութեան մէջ, որ փակուեր է դժբախտաբար...: Տարագիր հայութեան շատ-շատերուն ԱՐՄԱՏՆԵՐԸ հոն են....Այնտեղ են իմ ՆԱԽԱՀԱՅՐԵՐՈՒՍ ԱՐՄԱՏՆԵՐԸ...Այնքան մօտիկ եւ միաժամանակ այնքա՛ն հեռու կը թուի ան: ԻՐ ԲՆԻԿ ԱՐՄԱՏՆԵՐԷՆ ԱՐՄԱՏԱԽԻԼ ՏԱՐԱԳԻՐ ՀԱՅՈՒԹԵԱՆ ՑԱՒՆ ՈՒ ՄՈՐՄՈՔԸ Ո՞Վ ԿՐՆԱՅ ՀԱՍԿՆԱԼ, ԱՊՐԻԼ, ԽՈՐԱՊՐԻԼ....«ԱՆՈՆՔ ԿՌԻՒ ՈՒՆԻՆ ԻՐԵՆՔ ԻՐԵՆՑ ՄԷՋ...», պիտի ըսէր այնքան դիպուկ կերպով ՀՐԱՆԴ ՏԻՆՔ:
Երան Կոյումջյան ֆեյսբուք: