Հայաստանի Ազատագրութեան Գաղտնի Բանակի հայտարարությունը՝ Հայոց Ցեղասպանության 105 ամյակի առիթվ
24 ԱՊՐԻԼ` 1,5 ՄԻԼԻՈՆ ՆԱՀԱՏԱԿՆԵՐՈՒ ՅԻՇԱՏԱԿՄԱՆ, ՀԱՅՐԵՆԱԶՐԿՈՒԹԵԱՆ ՓԱՍՏԻ ՎԵՐՅԻՇՄԱՆ ԵՒ ՊԱՅՔԱՐԻ ՕՐ
Օսմանեան պետութեան եւ անոր իրաւայաջորդներուն կողմէ Հայ ժողովուրդի դէմ ի գործ դրուած նախամտածուած եւ կանխածրագրուած ցեղասպանութեան 105 ամեակն է այսօր, եւ Հայութիւնը արար աշխարհի՝ Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռքի հեռաւոր ափեր, իր ջրդեղուած հաւատքի ու անկոտրում կամքի եզակի դրսեւորումով, մէկ բռունցք դարձած եւ մէկ գերագոյն նպատակի շուրջ համախմբուած, համայն աշխարհին, մասնաւորապէս մարդկային իրաւունքներ, արդարութիւն եւ ժողովրդավարութիւն հռչակող, բայց բացառապէս իրենց նեղ շահադիտական շահերով առաջնորդուող պետութիւններուն անգամ մը եւս պիտի յիշեցնէ, որ հայ ժողովուրդը ցեղասպանելու, անոր հայրենազուրկ մնացորդները ուծացնելու նպատակով աշխարհով մէկ սփռելու, եւ մեր հայրենիքը բռնագրաւուելով իւրացնելու թրքական պետական-ռազմավարական դարաւոր ու նենգ
ծրագիրը դատապարտուած է ձախողութեան, որովհետեւ մեր ազգը յանուն իր անկապտելի եւ անկորչելի իրաւունքներուն՝ ոչ միայն որոշած է շարունակել կռուի՛լ ամբողջութեամբը իր միսերուն ու ոսկորներուն միջոցաւ, այլ կռուի՛լ, իր անձուրաց հերոսներուն աճիւններովն իսկ:
Մեր ազգը ունի մէկ գերագոյն նպատակ եւ մէկ հիմնական տեսլական՝ իրականացնել կտակը նահատակներուն, որ մեծ բանաստեղծի բառերով փոխանցուած է մեզի՝
«Քեզ մեր սարն եմ կտակում, որ դուրս բերես սեւ ամպից, Որ տուն բերես շալակած արդարութեամբ մեր անբիծ, Ու կը բերես, իմ բալիկ, թէկուզ քո խեղճ թաթիկով
Մեր սարն այս կողմ շուռ կը տաս` արդարութեանդ ուժն է ծով»:
Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակը իր հիմնադրութեան առաջին օրէն նետուած է անհաւասար պայքարի գուպարին մէջ, որպէսզի դուրս բերէ մեր յափշտակուած պատմական հողերը սեւ ամպէն՝ թրքական լուծէն:
Տուն բերէ բռնագրաւուած հայրենիքը՝ ազգային - ազատագրական արդար պայքարի ուսերուն վրայ շալկած:
Տուն բերէ մեր պատմական եւ մշակութային ժառանգութիւնը՝ թէկուզ մարտիկի մը կողմէ արձակուած հրազէնի տարափով միայն: Որպէսզի Արարատ սարին հետ՝ Արեւմտեան Հայաստանն ալ շուռ տայ այս կողմ, յանուն ՄԻԱՑԵԱԼ ԵՒ ԱՄԲՈՂՋԱԿԱՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆի
գերագոյն նպատակի իրականացման:
Մեր 1,5 միլիոն նահատակներու յիշատակման, հայրենազրկութեան փաստի վերյիշման եւ պայքարի օրուայ առիթով, Հայաստանի Ազատագրութեան Հայ Գաղտնի Բանակը կը վերահաստատէ իր պատրաստակամութիւնը եւ վճռակամութիւնը, պայքարելու յանուն մեր մարդկային եւ ազգային բոլոր իրաւունքներու լիարժէք վերականգման, յանուն արդարութեան գերիշխման եւ միացեալ ու ամբողջական Հայաստանի կերտման, որպէսզի մեր ազգի պատմութեան նոր շրջափուլերը ըլլան միայն՝ հողի ու ազգի վերամիաւորման, զարգացման, յառաջդիմութեան եւ հզօրացման հանգրուաններ: