Ա՛խ, հայրենիք
Որսորդ մը թակարդով շատ գեղեցիկ թռչուն մը բռնեց. այնքան գեղեցիկ, որ ինքնիրեն մտածեց. «Մեղք է այսպիսի արարածի մը կեանքին վերջ տալ: Տուն կը տանիմ, անոր համար լաւ վանդակ մը կը շինեմ, կեր ու ջուր կու տամ եւ ամբողջ սրտովս կը սիրեմ, քանի որ ասոր պէս ուրիշ թռչուն չեմ տեսած»:
Ան թակարդէն ազատեց թռչունը, շոյեց անոր փետուրները. քնքուշ ու սիրալիր խօսքեր ըսաւ անոր եւ տուն տարաւ զայն: Շինեց գեղեցիկ վանդակ մը, մէջը դրաւ թռչունը եւ կեր ու ջուր տուաւ անոր: Ամբողջ տարի մը այսպէս խնամեց զայն, բայց ամէն երեկոյ, երբ տուն կու գար եւ կը մօտենար վանդակին. կը լսէր թռչունին հառաչը. «Ա՛խ հայրենիք»:
-Թռչո՛ւն, ըսէ՛, ո՞ւր է հայրենիքդ, որուն կարօտը կը քաշես դուն:
-Երթանք, քեզի ցոյց տամ.- պատասխանեց թռչունը: Որսորդը ամբողջ ամիս մը հետեւեցաւ թռչունին. մինչեւ որ թռչունը հասաւ այնպիսի ամայի, տաք, ժայռոտ ու չոր տեղ մը, որ կարծես աշխարհի ծայրը ըլլար: Թռչունը թառեցաւ փոքրիկ ու չոր ծառի մը վրայ, որ փուշերով եւ փոքր ու փխրուն տերեւներով ծածկուած էր. եւ ըսաւ որսորդին.
-Ահա, ա՛յս է իմ հայրենիքս:
Վիլյամ Սարոյան
Արթուր Հայրապետյանի ֆեյսբուքյան էջից: