ԴԵՊԻ ԿԱԽԱՂԱՆ-19
Որպէս գրաքննիչ բանտի թղթակցութեանց, խղճմտօրէն կը կատարեմ պարտականութիւնս: Այսօր, առաջին անգամ ըլլալով երեք նամակներ յանձնուեցան փոսթին՝ Տիարպէքիր, Արզընի Մատէն եւ Խարբերդ: Նամակագիրը Մէհմէտ էֆ-ն է: Խորհրդակցաբար գրեցինք ու ճշդեցինք այն հարցումները, որոնց պատասխանները կը շահագրգռեն մեզ: Ի՞նչ կ'անցնի կը դառնայ «Արեւելքում»: Հետաքրքիր ենք իմանալ: Առաջին փորձը յաջող անցնելէ վերջ, պիտի սկսինք կանոնաւոր կապ պահել բոլոր նահանգներուն հետ: Գաղտնիքը տարաձայնելու չի գար: Խորհուրդ տուի Մէհմէտ էֆ-ին, որ չխօսի նոյնիսկ մեր վստահելի ընկերներուն:
Պոլիս եւ Յունաստան գրած նամակներս բանտէն գրուած ըլլալու դրոշմը չեն կրեր այլեւս: Անոնք ալ պիտի զարմանան տեղի ունեցած լեզուի եւ ոճի փոփոխութեան, երբ նամակներս կարդան: Որպէսզի հանգիստ ու ապահով ըլլան իմ մասին, հարեւանցի կերպով պարզեցի բանտին մէջ ձեռք բերած ապահովութիւնս առանց վարագոյրը վեր առնելու, անշուշտ միշտ խօսելով թուրք արդարութեան եւ պաշտօնեաներու բարեացակամութեան մասին: Զգուշութիւնը ձեռքէ ձգելnւ չէ՝ ո՞վ գիտէ, ինչ կը պատահի: Վերջապէս, Թուրքիա կը բնակինք եւ այն ալ Անատոլուի խորը բանտի մը մէջ:
Այսօր նոր այցելութիւններ ընդունեցի տեղացի հայրենակիցներէս: Բանտը կամաց- կամաց ուխտատեղիի մը բնոյթը կը ստանայ: Եւ որպէսզի դիրքս ու արժանապատուութիւնս բարձր պահեմ թէ՛ մերիններուն եւ թէ՛ օտարներուն առջեւ, որոշած եմ նուէր չընդունիլ: Մարթան՝ (Դանիէլ չաուշի քրոջ աղջիկը),երիտասարդ եւ երկու ծեր կիներ եկան այցելուներու երրորդ խումբին հետ, որ ճամբու դրի կէսօրէ վերջ: Եկած էին որպիսութիւնս հարցնելու եւ ճերմակեղէններս առնելու: Մերժեցի, առարկելով թէ լուացուած են երէկ, մինչդեռ բանտին մէջ լուացուած ճերմակեղէնները փոխանակ մաքրուելու կ'աղտոտին: Ու երբ ստիպեցին, որ ուրիշ անգամ լուալ չտամ, ըսի իրենց թէ եթէ կ'ուզեն ինծի ծառայութիւն մը մատուցանել, թող գտնեն աղքատ հայ կին մը եւ դրամով լուալ տան ճերմակեղէններս:
- Վայ մեր գլխուն, ամօթ չէ՞, աղբար, որ դրամով լուալ տանք շամաշուրներդ,- պատասխանեց Մարթան արտասուաթոր աչքերով:
-Բնութեանս հակառակ է ուրիշին ձանձրոյթ պատճառել: Եթէ դրամով լուալ տաք, սիրտս հանգիստ կ'ըլլայ, եւ ամէն ժամանակ լուալ կու տամ, հակառակ պարագային կը մերժեմ:
- Ի՞նչ կ'ըլլայ եթէ ես լուամ, ես ալ քու քոյրդ չե՞մ:
-Շնորհակալ եմ: Բայց կը խնդրեմ, որ չպնդէք: Այդպէս որոշած եմ:
Ճարահատ տեղի տուին եւ ճերմակեղէններս չյանձնեցի իրենց:
26 Փետրուար, 1926
Օգտուելով գրասենեակի առանձնութենէն, աչքի անցուցի արգելարաններու կից բանտի ապահովութեան սենեակը: Հին ձեւի զինարան մը՝ ամէն տեսակ դանակներ, կոտրած դաշոյնի կտորներ, նոյնիսկ հին ձեւի սուրեր, որ հաւաքուած են բանտարկեալներու խուզարկութեանց ժամանակ եւ դիզուած են հոս տարիներէ ի վեր: Զատեցի երկու դաշոյն ամենալաւերէն՝ մէկը ինծի, միւսը Առաքէլին համար: Սենեակի մէջ անկիւնը դիզուած շղթաներուն մէջ գտայ այն շղթան, որ Խարբերդի հարիւրապետը թշնամութեամբ զարնել տուած էր ոտքիս եւ ուսերուս վրայէն շրջանակ մը գծելով ամրացնել տուած էր ձեռքերուս վրայ մեծ կապանքով մը: Շղթան դուրս հանեցի սենեակէն եւ խնդրեցի սէր-կարտիանէն, որ լուսանկարիչ մը կանչել տայ որ նկարուիմ Խարբերդէն՝Մալաթիա փոխադրուած ձեւով:
- Ա՛յդ ձեւով նկարուիլը արգիլուած է բանտին մէջ:
-Այսօր Ուրբաթ է, ո՛չ տնօրէնը հոս է եւ ո՛չ ալ տեսնող կայ: Կ'ուզեմ յիշատակ մը ունենալ Խարբերդէն: Կը խոստանամ մարդու ցոյց չտալ:
Լուսանկարիչը եկաւ: Ճիշդ նոյն ձեւով շղթայուելէ վերջ, լուսանկարուեցայ, իսկ երկրորդ նկար մը'բանտին մշտահոս աղբիւրին առջեւ, որպէս յիշատակ Սեպաստիոյ բանտէն:
Պեպանյան Արծրուն,Ֆեյսբուք: