Ազգին վիճակը. Կոմիտաս
«... Հոտն անհովիւ՝ մոլոր ու շփոթ, աներեւոյթ եւ անզուսպ ալիքներ յախուռն կը յուզին ի խորս մեր հալածական եւ ողբալի կենաց ծովու։ Անմիտ որսորդներ բոլորած՝ միամիտ ձկներ ցանցած։ Մթնոլորտը թոյն կը տեղայ, բուժիչ ոյժ չկայ։ Աւերած, սարսափ ու ցեխոտ սրտեր միւս կողմէն։ Փառասիրութիւն, փութկոտութիւն մէկ երեսէն, ապիկարութիւն, տգիտութիւն միւս երեսէն։ Իւրաքանչիւր ոք իր պաշտօնն զգեցած է իբր հանդերձ, «յոր մերկութիւն մտաց ծածկի ի միամիտ աչաց»։ Մեր մարմինը նեխած է, մեր հոգին ապականած, մեր կեանքը դիակնացած... Ո՞ւր է մէր խոհական Խորենացին. թող ելլէ՛ արիւնաքամ հողու տակէն եւ ողբայ մեր խակերու սիրտն ու հոգին, միտքն ու գործը։ Մեր նախնիք իրենց պաշտօնին փարած էին անձնահեղձութեամբ, իսկ մենք կը յափշտակենք գործն՝ ընչաքաղցութեամբ։ Սիրտս փլած է»։
Կոմիտաս վարդապետ
(Թեոդիկ , «Ամենուն տարեցոյցը», 1918-1920 թթ, Կ․ Պոլիս, էջ 61)
Հայե'ր, գիտե՞ք, որ.ֆեյսբուք